2014-03-07 13:08:05

Օպամա Դատապարտած է խրիմի Խորհրդարանին` Ռուսիոյ միանալու որոշումը


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա դատապարտած է Ղրիմի խորհրդարանին` Ռուսիոյ միանալու որոշումը եւ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ ապագային վերաբերեալ որեւէ քննարկում պէտք է տեղի ունենայ այդ երկրի օրինական կառավարութեան մասնակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր մերիա» կայքը:
«2014-ին մենք ետեւ ձգած են այն օրերը, երբ հնարաւոր էր վերագծել պետութեան մը սահմանները` շրջանցելով ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած առաջնորդները”,- ըսած է Օպամա:
Ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ, Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահին հետ: Այդ երկրի գործողութիւնները Ղրիմի մէջ, ըստ Օպամայի` կը խախտեն Ուքրանիոյ ինքնիշխանութիւնը:
Իսկ Փութին յայտարարած է, թէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները պէտք չէ տուժեն թէկուզ միջազգային կարեւոր խնդիրներու պատճառով:







All the contents on this site are copyrighted ©.